ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՅՔԱՐ
Համաշխարհային օրուան գագաթաժողովը առցանց հարթակի վրայ պիտի մէկտեղէ ղեկավարներ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան պիտի ներկայացնէ իր մօտեցումները՝ կլիմայի փոփոխութեան տագնապին շուրջ:
Համաշխարհային օրուան գագաթաժողովը առցանց հարթակի վրայ պիտի մէկտեղէ ղեկավարներ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան պիտի ներկայացնէ իր մօտեցումները՝ կլիմայի փոփոխութեան տագնապին շուրջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ շարունակեցին իրենց շփումները Սիւնիքի մարզէն՝ մասնաւորապէս սահմանակից գիւղերէն ներս։ Գորիսի, Մեղրիի, Շուռնուխի եւ այլ խնդրայարոյց կէտերու վրայ Արմէն Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան խորհրդակցութիւններ ունեցան տեղական պատասխանատուներու հետ, նաեւ լսեցին բնակիչները։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հերթական անգամ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ անդրադարձաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ պատգամին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան։ «Եթէ ԱՄՆ կը փափաքի յարաբերութիւնները վատթարացնել, ապա որոշումը իրենն է», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ այդ քայլը վնաս պիտի հասցնէ ՆԱԹՕ-ի գծով դաշնակից երկու երկիրներու՝ առանց այդ ալ լարուած յարաբերութիւններուն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց ու միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտուլլահ պին Զայիտ էլ Նահեանի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձ կատարեցին Այվազեանի՝ ԱՄԷ կատարած աշխատանքային այցելութեան ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին։
Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ կատարուեցան փոփոխութիւններ։ Սա թէ՛ Նախարարաց խորհուրդի կառուցուածքին եւ թէ կազմին վերաբերեալ փոփոխութիւն մըն է։
55 եւ աւելի բարձր տարիքով քաղաքացիներուն կողմէ կը ցուցաբերուի աննախընթաց զգայնութիւն:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ ժամադրութեան առցանց համակարգը դարձաւ անհասանելի:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայկական Ֆէյսպուքի մէջ երէկ կիրքեր բորբոքուած էին 20-րդ դարու նշանաւոր քաղաքական գործիչ Մահաթմա Կանտիի արձանի Երեւանի մէջ տեղադրման կապակցութեամբ։ Արդէն առիթ ունեցած եմ գրելու, որ եթէ որեւէ արձանի տեղադրումը վէճեր կը յառաջացնէ, ապա աւելի լաւ է ձեռնպահ մնալ այդ քայլէն կիրքերը չբորբոքելու համար՝ մանաւանդ մեր այս անհանգիստ ժամանակաշրջանին։
Շէնգաւիթի պեղումները միտուած են տաճարական համալիրի բացայայտման։ Այսպէս, Շէնգաւիթ վաղ պրոնզէ դարու հնավայր-յուշարձանին մէջ 2021 թուականի սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերին պեղումներ պիտի իրականացուին:
Ճազի միջազգային օրը հայազգի ճազի արուեստագէտները ելոյթ կ՚ունենան Սիրահարներու այգիէն ներս։ Այսպէս, Ճազի միջազգային օրը՝ ապրիլի 30-ին, համերգներ կը կազմակերպուին Երեւանի Սիրահարներու այգիին մէջ:
Յայտնի դարձած է, թէ ո՛ր ժապաւէնը կը բանայ Քաննի շարժանկարի փառատօնը։ Ֆրանսացի բեմադրիչ Լէոս Քարաքսի «Անէթը» երաժշտախաղը կը բանայ Քաննի շարժանկարի փառատօնը: