ԱՐՑԱԽԷՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԽԱԽՏՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐ
Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ ահազանգեց, որ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հրադադարը խախտած են զանազան ուղղութիւններով։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այդ խախտումներուն ժամանակ Ատրպէյճանի բանակը օգտագործած է տարբեր տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներ։
Նախարար Արա Այվազեան. «Ուժի կիրառումով ստեղծուած իրողութիւնները չեն կրնար օրինական ըլլալ»:
«Եթէ Պաքու կը խօսի Զանգեզուրի միջանցքի մասին, Երեւանն ալ կրնայ խօսիլ Նախիջեւանի միջանցքի մասին»:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկիրը գլխաւոր դերը խաղացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինեալ հակամարտութեան դադրեցման ուղղութեամբ։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն (ԵԽԽՎ) ներս օրերս ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Նկատի ունենալով, որ Անկելա Մերքելի ելոյթը շարք մը իրերամերժ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է՝ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը պարզաբանում խնդրած է Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերէն։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ երկիրներէ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, նախկին դիւանագէտներու, լրագրողներու եւ ակադեմականներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է մասնաւոր յանձնաժողով մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ կատարուած պատերազմական յանցագործութիւններու ուսումնասիրութեան։
«Գեղանկարչութիւնը բեմի վրայ» ցուցահանդէսին ներկայացուեցան ռուս անուանի հեղինակներու թատերական էսքիզները։ Այսպէս, «Գեղանկարչութիւնը բեմի վրայ» ցուցահանդէսին ընդգրկուած է 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի յայտնի ռուս նկարիչներու տասներեք թատերական էսքիզ՝ գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆ. Արամ Աբրահամեանի հաւաքածոյէն:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարի պահպանման վերահսկման շրջանակներէն ներս Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնի անձնակազմը կը շարունակէ իրականացնել իր առաջադրանքները։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ հրապարակեցին տեղեկագիր մը, ուր մատնանշուած է այս մասին։