ԹԱՏՐՈՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
Համավարակ, պատերազմ, բայց Պարոնեանի անուան թատրոնին նոր ներկայացման փորձեր կ՚ընթանան։ Այսպէս, Հայաստանի «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնը տակաւին մարտ ամիսին պէտք էր թատերասէրներու դատին յանձնէր Ռոտոլֆօ Սանթանայի ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած «Յարդասենեակ կանանց համար» ներկայացումը: