Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՂԱՍԱՀՈՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ

Հայաստանի գեղասահորդները սկսած են նախապատրաստուիլ Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյենութիւններուն։ Ըստ Հայաստանի գեղասահնորդներու դաշնակութեան՝ երկրիգեղասահքի հաւաքականի անդամները սկսած են նախատրաստուիլ Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյենութիւններուն։

ՀՐԱԲՈՒԽԻ ԺԱՅԹՔՈՒՄ

6 քիլօմեթրնոց մոխրասիւն բարձրացած է Քամչաթքայի մէջ Քլիւչեւսքի հրաբուխի վրայ։ Այսպէս, Քլիւչեւսքի աշխոյժ հրաբուխը, որ ժայթքած է Քամչաթքայի մէջ, երէկ առաւօտեան ծովի մակերեւոյթի նկատմամբ մինչեւ 6 քիլօմեթր բարձրութեամբ մոխրասիւն արտանետած է:

«ՊՈՒՐԵՒԻ» ՄՐՐԻԿԸ

«Պուրեւի» արեւադարձային մրրիկը դեկտեմբերի 2-ի երեկոյեան մոլեգնած է Սրի Լանքայի արեւելեան ծովեզերքին: Երէկ, այս մասին յայտնած է «The Times of India» թերթը՝ վկայակոչելով Սրի Լանքայի օդերեւութաբանական կեդրոնը։

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

Փրկարարները Ֆրանսայի  հարաւի Փերփինիան քաղաքին մէջ քանի մը ժամ տեւող գործողութեան ընթացքին զետեղած են շինարարական կռունկ՝ բնակարանէն դուրս բերելու համար այն տղամարդը, որ կը կշռէ 300 քիլօկրամ։ Ան իր աւելորդ քիլօներուն պատճառաւ աւելի քան տարի մըն է չէր կրնար փողոց դուրս գալ։

BBC-Ի ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ. «ԻՆՉՈ՞Ւ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՉՅԱՋՈՂԵՑԱՒ ԴԱՌՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՄԱՆՏԵԼԱՆ»

Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը կազմակերպեցին «Արժանապատուութեան երթ» մը՝ միշտ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան ծանր պայմանները եւ կորուստի պատմական բնոյթը սարսափելի ալեկոծումի մը ծնունդ տուած են Հայաստանի մէջ։ Քաղաքական ցնցումը կը շարունակուի ժողովրդական պոռթկումով։

ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ. «ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՇՈՒՏՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ»

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ թուրք զինուորականները մօտաւոր ապագային աշխատանքի պիտի ձեռնարկեն Ատրպէյճանէ ներս՝ Ռուսաստանի հետ համատեղ դիտարկման կեդրոնին մէջ։

ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէին հետ այս շրջանին անմիջական շփման մէջ կը գտնուի:
Յետպատերազմեան պայմաններու ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան դիմագրաւած մարդասիրական տագնապի յաղթահարման նպատակով լուծման որոնումներ:

ՆՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Գեղամ Մանուկեան. «Նիկոլ Փաշինեան ամէն օր թոյն կը ներարկէ հանրութեան, տէր չի կանգնիր զինուորին»:
Հայաստանի ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնները կը վերաձեւաւորուին խիստ լարուած պայմաններու ներքեւ:

ԵՐԵՔ ՆՈՐ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇ

Երեք նոր նամականիշ՝ «Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններ» նիւթով։ «Հայփոստ»ը, նոյեմբերի 30-ին, շրջանառութեան մէջ դրած է երեք նամականիշ՝ «Պատմամշակութային յուշարձաններ. Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններ» նիւթով։

Էջեր