ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋ
Մոսկուայի մէջ հաւաք. «Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ՝ համազօր է ազգային աղէտի»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ռուսահայ գործիչներու ներկայութեամբ կրկնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի:
Մոսկուայի մէջ հաւաք. «Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ՝ համազօր է ազգային աղէտի»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ռուսահայ գործիչներու ներկայութեամբ կրկնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի:
Երեւանի կեդրոնին մէջ բողոքի ցոյցերը եւ երթերը իրարու կը յաջորդեն։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաքի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ համախմբուեցան երկրի մտաւորականութեան եւ գեղարուեստական աշխարհի ներկայացուցիչները, որոնք եւս բարձրաձայնեցին իրենց մտահոգութիւնները քաղաքական փակուղիին բերումով՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած։
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանը։ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստան ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխադրող օդանաւով ան մեկնած էր Երեւան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։
Հայաստանի վարչապետը ժողովուրդին կոչ ուղղեց՝ չտարուիլ երկրի անապագայութեան քարոզէն:
Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա: Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ նախագահ Փութինի գլխաւորութեամբ:
Ֆրանսայի կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական շարժումով Հայաստանի համար նախատեսուած լայնածաւալ օժանդակութեան ամբողջին մէջ, երէկ, երկրորդ օդանաւ մը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ յետպատերազմեան առկայ իրավիճակին մէջ։ Ըստ իրեն, իշխանութիւնները պարտաւոր են բացայայտել՝ այս պատերազմէն յետոյ երկրի սահմաններու հետ կապուած ի՞նչ յստակ զարգացումներ կամ լուծումներ նախատեսուած են։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան զուգահեռ արդէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է Քարվաճառի (Քելպեճեր) շրջանը։ Համաձայնութեան գործադրութեան իւրաքանչիւր փուլին նոր բարդութիւններ կը յառաջանան հայկական կողմին տեսակէտէ։ Երէկ, Հայաստանէն խումբ մը երեսփոխաններ ահազանգ հնչեցուցին, որ Ատրպէյճանի զինուորականներ ներխուժած են Սոթքի ոսկիի հանքը։
Նիկոլ Փաշինեան ուշ գիշերին տեղեկացուց, որ յետպատերազմեան շրջանին անմիջական կապի մէջ է Վլատիմիր Փութինի հետ:
Երեւանի եւ Մոսկուայի ծաւալուն աշխատանքային օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար տարուած ջանքերը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Կութերես քննարկեցին Արցախի մէջ յետպատերազմեան շրջանի առկայ մարդասիրական իրադրութիւնը եւ անոր հետեւանքները տարածքաշրջանի համար։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ քննարկուեցաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկ մը, որով կը նախատեսուէր երկրէն ներս բաւ համարել ռազմական դրութիւնը։ Այս նախագծի քննարկման ժամանակ խորհրդարանի դահլիճին մէջ ստեղծուեցաւ մեծ լարուածութիւն՝ երկրի ներքին քաղաքական կեանքի առկայ մտահոգիչ պատկերին համապատասխան։