ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԷ ՆԵՐՍ ՄՇՏԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԲԵՐՈՒԵԼԻՔ ՆՊԱՍՏԻՆ
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ, թէ Ատրպէյճան ետ կ՚առնէ իր հայրենիքի տարածքները։