ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿՈՂՄԷ
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կարճատեւ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Ամման, ուր հիւրընկալուեցաւ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Յորդանան յարաբերութիւններու զարգացման եւ զանազան ոլորտներէ ներս փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։