ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ
Creative Armenia եւ ՀԲԸՄ ներկայացուցին այն եօթ արուեստագէտները, որոնք 2021 թուականին պիտի խրախուսուին՝ որպէս fellow-ներ:
Անի Մանուկեան. «Մենք հպարտ ենք, անոնք ի ցոյց կը դնեն ստեղծարար մտքի լայն սահմաններն ու խորութիւնը, զորս հայերը կրնան առաջարկել աշխարհին»:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ հարկաւոր է գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի քաղաքական լուծումը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ֆրանսայի Արտաքին յարաբերութիւններու գիտական դպրոցին (Փարիզ) կողմէ կազմակերպուած համաժողովի մը ընթացքին ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Լոյս տեսաւ «Յիսուս Քրիստոսի կերպարը 20-րդ դարուն եւ արդի հայ արուեստին մէջ» հատորը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Չավուշօղլու. «Թուրքիա մտադրութիւն ունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ դարմանման տակ մնալ՝ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով։ Նախագահ Սարգսեան տարեմուտին Լոնտոնի մէջ ենթարկուած էր վիրահատութեան մը եւ այդ ժամանակ վարակուած՝ քորոնաժահրով։
«Տասնամեակներ շարունակ բանակցութիւններու ընթացքին երբեք չէ հնչած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ կապը խզելու հարցը»:
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ պաշտօնական նամակներով դիմեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպըրչիկին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիներու վերադարձի եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցերու։
Նահատակեալ լրագրողը մահուան տարելիցին առթիւ հերթական անգամ կը վերյիշուի բիւր յարգանքով: