Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑԵՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Արցախի թէժ մարտերու մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը բազմակողմանի աշխատանք կը տանի ճգնաժամային իրավիճակը կառավարելու առաջադրութեամբ։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց արտահերթ ժողով մը։

ՄԱԿ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՎԻՃԱԿԸ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ քննարկում մը իրականացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արցախի մէջ վերսկսած լայնածաւալ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ՝ Անվտանգութեան խորհուրդը արդէն երկրորդ անգամ անդրադարձաւ հակամարտութեան։

ԵՒ 4-ՐԴ ՇԱԲԱԹԸ…

Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ մարդասիրական հրադադարը շաբաթավերջին թէեւ վերահաստատուեցաւ, սակայն գործնականօրէն բախումները պահ մը իսկ կանգ չառին:
Արծրուն Յովհաննիսեան. «Այս պատերազմը չափազանց ուժգին է, սաստիկ եւ մարտական գործողութիւնները կը պարունակեն կրակային մեծ խտութիւն՝ բարձր փորձագիտութիւններու միջոցներով»:

ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի սկզբունքային դիրքորոշումները կը համընկնին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԵՆ ՍՊԱՌԱԾ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մինչ թափով կը շարունակուի, հայ վերլուծաբանները կը դիտարկեն, որ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները տակաւին սպառած չեն։ Վերջին օրերուն զանազան յայտարարութիւններ կը հնչեն Արցախի շուրջ։

ԳՐԱՌՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին շարունակեց գրառումներով հանդէս գալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Իտալական «Քորիէրա Տելա Սերա» թերթին մէջ ալ հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ իրեն հետ։

ԴՐՈՒԱՏԻՔՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակէ պայմանաւորել համայն հայութեան օրակարգը։ Սփիւռքի հայաշատ կեդրոններէն ներս տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր եւ զօրակցութեան հանրահաւաքներ։

ՍԻՒՆԻՔԷՆ ԿՈՉ

Լեռնային Ղարաբաղի սաստիկ պատերազմին հետեւանքով արտասովոր իրավիճակ մը ստեղծուած է նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս։ Երկրի հարաւին, Իրանի սահմանակից այս մարզը լուրջ բարդութիւններ կը դիմագրաւէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ։

Էջեր