Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԸՆԹԱՑՔ ՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հիւր վարչապետը Երեւանի մէջ դիմաւորուեցաւ զինուորական արարողութիւնով՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԳԵՐԱԴԱՍ

Կրօնական ժողովի ատենապետը շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ՝ անգլիական The Independent հեղինակաւոր լրատուամիջոցի թրքերէն տարբերակին համար։
«Պայքարները, պառակտումներն ու բեւեռացումները՝ երկարաժամկէտ անարդիւնաւէտութեան պատճառով բացարձակապէս պիտի չկարողանանք արդարացնել յաչս ապագայ սերունդներուն»։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան. «Այս պահուն մեր հարցերը անտէր են։ Որքան ատեն որ Պատրիարքական Աթոռը թափուր է՝ անկարելի է լուծում գտնել մեր համայնքի խնդիրներուն»։

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր Պաքուի մէջ կը մասնակցի Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի 7-րդ գագաթաժողովին։ Երէկ, նախագահ Էրտողան ժամանեց Պաքու, ուր Զակուլպայի պալատէն ներս առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս առաւօտ Երեւանի մէջ ընդունուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցեցան՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։

ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Հանրապետութեան նախագահը մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ:
Էրտողան դրուատիքով արտայայտուեցաւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կատարուած յայտարարութեան մասին:

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղպտի եկեղեցիներու առաջնորդներ վերջերս հանդիպում մը ունեցան Գերմանիոյ Վորպուրկ քաղաքի Ս. Յակոբ ասորի եկեղեցւոյ վանական համալիրէն ներս։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, նաեւ Ասորի եւ Ղպտի եկեղեցիներու սրբազան պատրիարքներու օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ։

«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱԿ». ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԵՆ ՄՈՍԿՈՒԱՆ ԵՒ ԱՆԿԱՍԿԱԾ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան չորեքշաբթի օր կը յայտարարէր Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ ընթացք առնելիք ռազմական գործողութեան մասին։
Յայտարարութենէն ժամ մը վերջ, Թուրք զինեալ ուժերը ծանր հարուածներ կը հասցնէին մասնաւորապէս Ռեսուլայնի եւ Թել Ապեատի մէջ տեղակայուած ահաբեկչական զօրամիաւորումներու կեդրոնատեղիներուն։

ԱՇԽԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱՎԷՃ ՄԸ ԾԱԳԵՑԱՒ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՄԻՋԵՒ

Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Էջեր