ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով կը տուժէ խաղաղ բնակչութիւնը»:
Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթի Արցախէ ներս վիրաւորեալ աշխատակիցները գործողութեան ենթարկուեցան:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով կը տուժէ խաղաղ բնակչութիւնը»:
Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթի Արցախէ ներս վիրաւորեալ աշխատակիցները գործողութեան ենթարկուեցան:
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատին վրայ ամբողջ սաստկութեամբ բախումները կը շարունակուին՝ մինչ պատերազմի ընթացքին շուրջ տեղեկութիւններն ալ միշտ հակասական եւ հակադիր պատկեր մը կը ցոլացնեն։ Հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ շարունակեցին սաստիկ հարուածներ հասցնել Արցախին՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով հանդերձ։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս անհրաժեշտ է հրադադար։ «Մենք հանդէս կու գանք հնարաւորինս արագ կրակը դադրեցնելու ի նպաստ։
Արցախի ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով սաստիկ մարտերը կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր բախումները շարունակուած են։ Այս օրուան սկիզբին ալ կացութեան մէջ փոփոխութիւն մը չէ եղած։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հեռաձայնով նոր խորհրդակցութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան խորհրդարանի երդիքին տակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կոչ ուղղեցին, որպէսզի ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցուին՝ առանց նախապայմաններու եւ հակամարտ կողմերը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերսկսած պատերազմը վերիվայրումներու պատճառ դարձած է նաեւ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ։ Ատրպէյճանին արտահանուած մեծաքանակ զէնքերու եւ զինամթերքի հետեւանքով Հայաստան ունի լուրջ անհանգստութիւն։
Հոկտեմբեր 2-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծատաղանդ արուեստագէտներէն Թաթուլ Ալթունեանի (1901-1973), որուն անունն ու գործը անմահութիւն նուաճեցին՝ իբրեւ հիմնադիր խմբավարը Հայաստանի Երգի ու պարի պետական համոյթին։
Հնդկաստանի քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդ, անկախութեան շարժման ղեկավար, փաստաբան, լրագրող, փիլիսոփայ, ինքնակենսագիր, ակնարկագիր, խմբագիր, իրաւաբան, յուշագրող Մոհանտաս Քարամչանտ Կանտի ծնած է 2 հոկտեմբեր 1869 թուականին Փորպանտար՝ Հնդկաստան։ Հայրն է Քարամչանտ Կանտի, իսկ մայրը՝ Փութլիպաի Կանտի։
Սպանացի լուսանկարիչը բացայայտած է շքեղ լուսանկարներ ստանալու գաղտնիքները։ Այսպէս, լուսանկարները, որոնց ստեղծման համար առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ բարդ հնարքներ անհրաժեշտ են, յաճախ կարելի է ստանալ առանց դժուարին փորձագիտական միջոցներու ու յատուկ սրահի: