ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՃԱՆՉՆԱԼ ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Արցախի պատերազմի ներկայ ծանր փուլին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ հարցազրոյցներ տալ միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներուն։ Գերմանական «Spiegel» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտարարեց. «Այլեւս Ատրպէյճանը չէ, որ որոշումներ կը կայացնէ սեփական ճակատագրի վերաբերեալ, Թուրքիան կը կայացնէ այդ որոշումները»։