ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ
Արցախի ճակատին վրայ մարտերը կ՚ընթանան տարբեր խտութեամբ: Ըստ հայկական աղբիւրներու, Ատրպէյճան այս առաւօտ շարունակեց ռմբակոծել Ստեփանակերտը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս թէժ իրավիճակը կը մնայ առկայ՝ մինչ հակամարտ կողմերը շաբաթավերջին յարաբերաբար աւելի շատ անդրադարձան հրադադարի հաւանականութեան: