ՏԻՆՔՃԵԱՆԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՐԳԵՒ ՄԸ
Կը տեղեկանանք, որ թրքահայութեան ծանօթ արուեստագէտ մը՝ Օննիկ Տինքճեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կարեւոր պարգեւի մը արժանացած է։ Այսպէս, իրեն շնորհուած է՝ ԱՄՆ-ի «Արուեստի ազգային հիմնադրամ»ի 2020 թուականի պարգեւը։