ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ
Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի ունեցաւ ընտրողներու նուազ մասնակցութեամբ:
Արայիկ Յարութիւնեան կը ստանձնէ Արցախի ղեկը - Արմէն Սարգսեանի կողմէ գնահատանք ու շնորհաւորութիւններ:
Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի ունեցաւ ընտրողներու նուազ մասնակցութեամբ:
Արայիկ Յարութիւնեան կը ստանձնէ Արցախի ղեկը - Արմէն Սարգսեանի կողմէ գնահատանք ու շնորհաւորութիւններ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Արանչա Կոնզալեզ Լայայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համավարակի դէմ ուղղուած պայքարի շրջանակներէն ներս ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքէն ներս, հայաբնակ Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Վրէժ Աղաճանեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս վերջինը կը փոխարինէ Արա Նաճարեանը, որ հեռացած է քաղաքապետի պաշտօնէն։
Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեան ներկայ մեկուսացման օրերուն իր առօրեային կապակցութեամբ զրուցած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթի աշխատակից Լիանա Սարգսեանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նախկին պոլսահայ մըն է Յովհաննէս Չեքիճեան, որ մեկուսացման այս օրերուն խորհուրդ կու տայ՝ զինուիլ համբերութեամբ ու ժամանակը անիմաստ չվատնել։
Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը կը ներկայացնէ գրողի ընտանիքի նախընտրած ուտեստներու բաղադրատոմսերը։ Այսպէս, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը ապրիլի 10-էն սկսեալ տուաւ «Թումանեաններու խոհանոցին մէջ» ծրագրի մեկնարկը, որու շրջանակէն ներս թէ՛ մեծահասակները եւ թէ փոքրիկները կրնան ծանօթանալ ամենայն հայոց բանաստեղծի եւ անոր ընտանիքի անդամներու նախըտրած ճաշատեսակներուն:
Հայկական անուշեղէնը յայտնուած է չեխական ազգային վաճառանիշներու կարգին։
Այս դժնդակ օրերուն, երբ ողջ աշխարհը զբաղած է քորոնաժահրի շարունակուող մահաբեր արշաւի չէզոքացմամբ, չեխական մամուլը կը փորձէ բացի ամենօրեայ հրատապ նիւթերէն, չեխերու մէջ լաւատեսութիւն եւ հպարտութիւն սերմանել։
Պերլինի մէջ, Գերմանիա, բարձրակարգ ճաշարաններէն մին անվճար սնունդ կը մատակարարէ բժիշկներուն։ Այսպէս, Պերլինի մէջ բարձր վարկանիշ ունեցող ճաշարաններէն մէկը, որ փակ է յաճախորդներու համար, այս օրերուն կ՚աշխատի բժիշկներու համար՝ անվճար սնունդ մատակարարելով անոնց:
Հնդկաստանի մէջ մարդամեքենայ բուժքոյրերը շուտով կը ծառայեն քորոնաժահրով վարակուած անձերուն։ Այսպէս, մարդամեքենայ բուժքոյրերն ու բուժակները շուտով կը սկսին ծառայել Հնդկաստանի հիւանդանոցներուն մէջ, պայքարելու համար ընդդէմ քորոնաժահրի համաճարակին։
Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հերթական բանավէճը՝ քորոնաժահրի համավարակի մթնոլորտին մէջ:
Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն իրերամերժ ու հակասական պաշտօնական յայտարարութիւններ կը կատարուին վերջին օրերուն:
Լեռնային Ղարաբաղի նոր նախագահի ընտրութեան գործընթացը այսօր կ՚աւարտի:
Անխուսափելի թեկնածուներն են Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մասիս Մայիլեան: Քուէարկութիւնը կ՚իրականացուի Արցախի մէջ յայտարարուած արտակարգ իրավիճակին պայմաններուն ներքեւ: