ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալներու պարագային որոշ չափով դրական միտումները կը շարունակուին։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց վերջին օրուան տուեալները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Արցախ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուած են Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումները՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։
Ալեքսանտր եւ Կէորկի Ձաւարեան եղբայրները, որոնք կ՚ուսանին Լոնտոնի մէջ, իրենց կարեւոր նպաստը բերած են Հայաստանէ ներս քորոնաժահրի համաճարակի դէմ մղուած պայքարին։ Այսպէս, անոնք պատ-րաստած են 30 հազար հատ նորարարական դիմակ։
Գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեան արդէն դարձած է 80 տարեկան։ Գրական շրջանակները եւ իր արուեստի համակիրները կ՚ողջունեն Ռազմիկ Դաւոյեանի յոբելեանը։
Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբը Հայկ Մելիքեանի կատարմամբ առցանց կը հնչեցնէ Արամ Խաչատրեանի դաշնակի քոնչերթոն։ Այսպէս, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը կը շարունակէ առցանց համերգներու շարքը։
Անգարայի եւ Տոհայի ղեկավարութիւնները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյ եւ Առողջապահութեան նախարարութենէն իրաւասուներ երէկ այցելեցին Պերլին։ Չավուշօղլու այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի կողմէ։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի յառաջիկայ աշնան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախատեսուած «G-7»ի գագաթաժողովին։ Միջոց մը առաջ զանգուածային լրատուութեան միջոցները հաղորդումներ կատարած էին, թէ Մերքէլ պիտի հրաժարի այդ գագաթաժողովին մասնակցելէ։