ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ՓՈԽԱԴՐՈՒԱԾ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ քորոնաժահրով վարակուած ըլլալով Լոնտոնի մէջ դարմանման տակ կը գտնուի, արդէն փոխադրուած է հիւանդանոց։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեանի պարագային հիւանդութիւնը տակաւին բարդ ընթացք ունի։
Հայաստանի մէջ ժողովուրդը կը շարունակէ սգալ Արցախի վերջին լայնածաւալ պատերազմի նահատակները։ Հազարաւոր զոհուած երիտասարդներու կորուստով պայմանաւորուած խոր սուգը համակած է ամբողջ երկիրն ու հայաշխարհը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շաբթուայ սկիզբին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ երկու նախարարները քննարկեցին տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Վլատիմիր Փութինի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի վերջին հանդիպման արդիւնքները կը մեկնաբանուին՝ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ
Երէկ, Մոսկուայի մէջ եռակողմանի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Ռուսաստանի աւագ դատախազ Իկոր Քրասնովի, Հայաստանի աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեանի եւ Ատրպէյճանի աւագ դատախազ Քեամրան Ալիեւի։ Հարկ է նշել, որ երէկ Ռուսաստանի մէջ կը նշուէր Դատախազութեան աշխատակցի օրը, որու առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին Արթուր Դաւթեան եւ Քեամրան Ալիեւ։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին զուգահեռ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած ճանապարհային հատուածներու առումով շարք մը խնդիրներ կարգաւորուած չեն։
Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփին նամակ մը ուղարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին, որ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի՝ վարակուած ըլլալով քորոնաժահրով։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, չինացի ղեկավարը արագ ապաքինման մաղթանքներ յղեց Արմէն Սարգսեանին։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի մէջ մէկտեղեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ