Լրահոս

ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ԴԷՄ ՈՏՆԱՄԱՆՆԵՐ

Առողջապահական համակարգի աշխատողներու մեծամասնութիւնը աշխատվայրի մէջ կը կրեն Crocs մուճակներ, որոնք թեթեւ են ու յարմարաւէտ։
Ընկերութիւնը կ՚որոշէ օրական 10 հազար Crocs նուիաբերել բոյժ-աշխատողներուն, որոնք կը պայքարին քորոնաժահրի դէմ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԴԻՄԱԿՆԵՐԸ

Քորոնա վարակի աշխարհով մէկ տարածուելուն պատճառով, մարդիկ վերջին ամիսներուն ամենօրեայ դրութեամբ կը գործածեն բժշկական դիմակներ։ Թէեւ հեռատեսիլի հաղորդումներու ընթացքին բժիշկներ կը սորվեցնեն դիմակներու գործածութեան ձեւը, սակայն հակառակ ասոր, կան զանոնք սխալ օգտագործողներ։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԷ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՆՑԱՒ 10 ՀԱԶԱՐԻ ՍԱՀՄԱՆԸ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ժամերուն արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալներուն։ Այսպէս, երէկ կատարուած է 11 հազար 535 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1610 վարակեալ։

ԹՐԱՄՓ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՈՐՈՇԵՑԻՆ ՍԵՐՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ ՄՆԱԼ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անհանգստութիւն յայտնեցին քորոնաժահրի համաճարակի համաշխարհային տարածման կապակցութեամբ։

ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ԿԸ ՍԳԱՅ ԻՐ ԿՈՂԱԿՑԻՆ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կորսնցուց իր կողակիցը՝ Արիանա Քաօիլին։ «Բառեր չեմ գտներ արտայայտելու համար իմ վիշտը տիկնոջս՝ Արիանայի մահուան կապակցութեամբ։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ՓՈՐՁԵՑԻՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան։ Այսպէս, ժամը 19.00-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի զօրքերը փորձեցին ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն ներս։

Էջեր