«ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՆՑՔ»
Սպանիան կրնայ ստեղծել «անվտանգութեան միջանցք»՝ միջազգային զբօսաշրջիկներու համար։ Այսպէս, Սպանիոյ բնապահպանական բարեփոխումներու նախարար Թերեզա Ռիպերա տեղեկացուցած է, որ իշխանութիւնները կը դիտարկեն միջազգային զբօսաշրջիկներուն «անվտանգութեան միջանցք» տրամադրելու հնարաւորութիւնը։
Հայաստանի մէջ, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է քորոնաժահրէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։ Այսպէս, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է համավարակէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։
Հնդկաստանի եւ Պանկլատէշի արեւելեան հատուածին մէջ «Ամֆան» հզօր ցունամին մեծ վնասներ հասցուցած է, խլելով մարդոց կեանքեր եւ աւերելով հազարաւոր տուներ։
Միչիկընի մէջ ջրհեղեղի պատճառով հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միչիկըն նահանգին մէջ ուժգնացող ջրհեղեղը մասամբ ջուրի տակ առած է Միտլենտ քաղաքը, որ կը գտնուի նահանգի կեդրոնին։
Երեւանի կենդանաբանական պարտէզը նոր բնակիչ մը ունի։ Այսպէս, Երեւանի կենդանաբանական այգիի այցելուները շատ շուտով հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնելու «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամի՝ Կենդանաբանական այգիին յունիսի 1-ին ընդառաջ նուիրաբերած սպիտակ առիւծը:
Պերլինի մէջ վարազներու պատճառով ոստիկանները փակած են փողոցը։ Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի ոստիկանութիւնը իրականացուցած է վայրի կենդանիներու ազատ տեղաշարժի ապահովման գործողութիւն։
Զանազան երկիրներէ 170 արուեստագէտ Պեթհովենի երաժշտութեամբ խաղաղութեան կոչ յղած է աշխարհին։ Աշխարհի 15 երկրէ 170 արուեստագէտ առցանց հարթակի վրայ կատարած է Պեթհովենի չորրորդ սիմֆոնիայէն հատուած մը։ Երգիչները, երաժիշտները արուեստի միջոցով աշխարհին դիմած են խաղաղութեան եւ բարեկամութեան կոչով:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան կարեւոր գագաթաժողով մը, որու մասնակցեցան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Թարապիոյ մէջ, «Հուպէր» նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւնը, որ տեւեց 3 ժամ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի վարակի տարածման թափը նուազած է զգալի համեմատութեամբ։ Մէկ վարակեալէ մը ուրիշներու փոխանցման համեմատութիւնը 1.56 տոկոսէն իջած է 0.72 տոկոսի։
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները երէկ հերթական անգամ դիմում կատարեցին դատական իշխանութիւններուն։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը վերջին օրերուն մերժած էր Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ զինքը բանտէն դուրս բերելու դիմումը։