Լրահոս

ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐՑԱԽ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Արցախ, ուր պիտի մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի երդման ու պաշտօնակալման արարողութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արայիկ Յարութիւնեան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին։

ԿԵՑՑԷ՛ «ՈՉ-ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՅԹԸ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ ներկայիս կ՚ապրուի լուրջ լարուածութիւն։ Խորհրդարանէ ներս իշխանութեան եւ ընդդիմութեան յարաբերութիւնները սրուած են եւ ասոր զգայացունց դրսեւորումը եղաւ միջոց մը առաջ պատգամաւորներ՝ Սասուն Միքայէլեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի միջեւ տեղի ունեցած կռիւը, որ միւս երեսփոխաններու մասնակցութեամբ մեծ ծեծկռտուքի մը վերածուեցաւ։ Քանի մը օր վերջ յաջորդեց խորհրդարանի երդիքին տակ ուրիշ դէպք մը, որու ընթացքին վիճեցան Էտմոն Մարուքեան եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան։

ՄԱՅԻՍ 19-Ի ՏՕՆԸ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 101-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական տրամադրութեամբ, հակառակ համաճարակի մթնոլորտին։

«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ՕԴԱԿԱՅԱՆԸ ՊԻՏԻ ԿՈՉՈՒԻ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

Հայաստանի մէջ ներկայիս օրակարգի վրայ կը գտնուի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի անունով կոչելու առաջարկը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շարլ Ազնաւուր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսներէն էր։

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱՔՆՆԻՉ ԲՈՂՈՔ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները կը պատրաստուին վերաքննիչ բողոք ներկայացնել՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի դատավճռին դէմ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի բանտի մէջ։

ROCHE-Ի ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒԻ ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ

Քորոնաժահրի համաճարակի առկայ մթնոլորտին մէջ համայն աշխարհէ ներս սպասումը կը շարունակուի պատուաստանիւթի մը համար։ BBC-ի հաղորդումներով, Անգլիոյ մէջ հաստատուեցաւ՝ զուիցերական դեղօրայքի ընկերութեան՝ Roche-ի փորձարկումներու հիման վրայ գտնուած դեղամիջոցի օգտագործման թոյլտուութիւնը։

«ՏԱԿԱՒԻՆ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ»

Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարելու համար սահմանուած միջոցները տակաւին երկար ժամանակ պիտի մնան ի զօրու։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ ներկայիս համաճարակին կը յաջորդէ նոր գործընթաց մը, որ ունի նոր չափանիշներ։

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԱՑ

Համաճարակի պատճառաւ ցնցուած համայնքային տնտեսական վիճակի ամենէն բեկումնային գծին վրայ կը գտուին սահմանափակ եկամուտ ունեցող մեր վարժարանները եւ անոնց ելեւմտական լուրջ բացերը։ Այս ուղղութեամբ Պատրիարքական Աթոռին դիմում ներկայացուցած վարժարաններու համար պատրաստուած է ուղեգիծ մը, որ կը ներկայացուի ստորեւ:

Ո՞Վ Է ԼՐԱԳՐՈՂԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Օրեր առաջ պատահեցաւ շատ մասնագիտական դէպք մը, որուն հետեւանքները տակաւին երկար կրնան տեւել։
Խօսքը հարցազրոյցի մը ընթացքին ինծի հիւր եկած մասնագէտի մը կողմէ հնչած դիտարկումին մասին է, որ տակնուվրայ ըրաւ ամէն ինչ։

Էջեր