ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԷՆ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԼՈՒՐԵՐ
Հայաստանի Ազգային գրադարանը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութիւնը կը ցոլացնէ վերջին շրջանին յառաջացած շարք մը խնդիրներ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած առկայ իրավիճակին մէջ։ Ըստ այս յայտարարութեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանը արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքեւ աշխատած է միայն առցանց, իսկ իր համակարգիչներու գլխաւոր սերվերները կարգաւորուած են հեռավար կերպով։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Դաշինքի աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այն օժանդակութիւնները, որոնք քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ ՆԱԹՕ-ի կողմէ կը կատարուին ի նպաստ անդամ երկիրներու։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Հայաստան կը շարունակէ իր միջազգային գործընկերներու զօրակցութեան առարկայ դառնալ։ Այս ամբողջին մէջ, Հնդկաստանի կառավարութիւնը վերջին շրջանին հետեւողական ձեւով օժանդակութիւն կը կատարէ Հայաստանին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեամբ պայմանաւորուած դժուարութիւններով:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի շարունակէ մնալ բանտի մէջ։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի բաժանմունքէն ներս երէկ դատաւոր Աննա Դանիբէկեան հրապարակեց դատարանի վճիռը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ անոր կալանքին վերջ տալու պահանջին շուրջ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ ներկայ պայմաններով քորոնաժահրի համաճարակը հակակշռի տակ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, որ համավարակի հինգերորդ շաբթուան դրութեամբ երկիրը կայուն բարելաւման հունի մը մէջ մտած է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ պատահեցաւ նոր դէպք մը։ Այսպէս, Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին վրայ կրակ բացուեցաւ Ատրպէյճանի մարտական յենակէտերէն՝ խոշոր տրամաչափերով զէնքերու միջոցաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ