ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ
Հայաստանի նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այցելեց Ազգային ժողով։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս կը գործէ յատուկ Քննիչ յանձնաժողով մը, որ կ՚ուսումնասիրէ 2016 թուականի ապրիլին Արցախի մէջ պատահած քառօրեայ պատերազմի հանգամանքները։
Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած դրան հրկիզման փորձի հարցը արձագանգ գտաւ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Այսպէս, Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան այս խնդիրը յանձնեց Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի նկատառման։
Թուրքիոյ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիները երկար սպասումէ վերջ երէկ կարողացան զբօսանքի դուրս գալ:
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս տեղի ունեցաւ դատավարութիւն:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ թափով յառաջ կը տարուին պատուաստանիւթ մը գտնելու աշխատանքները՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ամերիկահայ յայտնի գործիչ, գիտնական ու ձեռներէց Նուպար Աֆէեանի «Moderna» ընկերութիւնն ալ այս ջանքերուն ներգրաւուած է աշխուժօրէն։ Կենսափորձագիտական այս ընկերութիւնը ներկայիս կ՚անցնի պատուաստանիւթի հետազօտման երկրորդ փուլին։
Քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ հաստատուած սահմանափակումներու մեղմացման գործընթացը բազում հարցականներով կը զուգորդուի Թուրքիոյ մէջ։ Հանրային կարծիքի զանազան շրջանակներ որոշ հակասութիւններ կը նկատեն կարգադրութիւններուն մէջ ու կը փորձեն գտնել իրենց մտքի հարցումներուն տրամաբանական պատասխանը։
«Իշխանութիւնները կը բանակցին այնքան, որքան լիազօրուած են։ Բանակցութիւններու երթալու ատեն պիտի չվախնանք ներսիններէն կամ դուրսիններէն»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եացէք Չափութովիչի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան քորոնաժահրով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղեալ քայլերուն եւ ծրագրերուն շուրջ։