ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Հայաստան կը շարունակէ իր միջազգային գործընկերներու զօրակցութեան առարկայ դառնալ։ Այս ամբողջին մէջ, Հնդկաստանի կառավարութիւնը վերջին շրջանին հետեւողական ձեւով օժանդակութիւն կը կատարէ Հայաստանին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեամբ պայմանաւորուած դժուարութիւններով:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի շարունակէ մնալ բանտի մէջ։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի բաժանմունքէն ներս երէկ դատաւոր Աննա Դանիբէկեան հրապարակեց դատարանի վճիռը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ անոր կալանքին վերջ տալու պահանջին շուրջ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ ներկայ պայմաններով քորոնաժահրի համաճարակը հակակշռի տակ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, որ համավարակի հինգերորդ շաբթուան դրութեամբ երկիրը կայուն բարելաւման հունի մը մէջ մտած է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ պատահեցաւ նոր դէպք մը։ Այսպէս, Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին վրայ կրակ բացուեցաւ Ատրպէյճանի մարտական յենակէտերէն՝ խոշոր տրամաչափերով զէնքերու միջոցաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Հայաստանէ ներս կը շարունակուին առօրեան աստիճանաբար բնականոնացնելու քայլերը։ Այս առաւօտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ հանդէս եկաւ զգուշացումներով։