Լրահոս

ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով։ Երկու նախագահները կը գլխաւորեն Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի 8-րդ ժողովը։

ՄԱԳԼՑՄԱՆ ՌԻՍՔԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի այժմու փուլին շուրջ արժեւորում:
Նախարար Զօհրապ Մնացականեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը հնարաւորութիւն չի տար յառաջընթացի:

ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին ձեռնադրութիւն կատարեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Հաւատացեալ ժողովուրդը կ՚ողջունէ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու շարքերուն երիտասարդ տարրերով համալրումը:

5 ՄԱՐՏԻՆ ԳԱԳԱԹ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ 5 մարտին քառակողմանի գագաթաժողովի մը պիտի մասնակցի՝ Իտլիպի իրադարձութիւնները քննարկելու համար։ Էրտողանի առընթեր այդ գագաթաժողովին պիտի մասնակցին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ։

Էջեր