ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել, ուր կը տեսակցի Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Հարկ է նշել, որ անցեալ շաբթուան մէջ Թուրքիա այցելած էր Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել։ Նախագահ Էրտողան երկար ատեն վերջ Պրիւքսելի մէջ սեղանի գլուխ կը նստի ԵՄ-ի ղեկավարութեան հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ ներկայ շաբթուան սկիզբին Թուրքիա կ՚այցելէ Ռուսաստանէն պատուիրակութիւն մը՝ քննարկելու համար Իտլիպի պարագային ձեռնարկուելիք յառաջիկայ քայլերը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն մը ստորագրուած էր՝ Իտլիպի մէջ հրադադարի հաստատման նպատակով։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ իր աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իր ընկերակիցները Թիֆլիզի վրայով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն վերադարձան քաղաքս։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները այս առաւօտ հրաժեշտ առին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ Իտլիպի տագնապալի կացութեան շուրջ:
Դուին հնավայրին մէջ կը կառուցուի թանգարան մը։ Այսպէս, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն 2020 թուականին կը նախատեսէ Հայաստանի Արարատի մարզի Դուին հնավայրին մէջ կառուցել թանգարան մը։
Երեւանի մէջ ապրիլի 28-30 թուականներուն տեղի պիտի ունենայ «FINTECH360 YEREVAN» միջազգային համաժողովը: Անիկա պիտի իրագործուի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան, Unibank-ի եւ Unistream դրամական փոխանցումներու համակարգին աջակցութեամբ: