ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի ԳՀԽ-ի նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կը շարունակուի ԳՀԽ-ի նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ:
Յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը մեկնի Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Սուրիոյ տագնապի ծիրէն ներս, երբ Իտլիպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները ստացած են բաւական հրատապ բնոյթ մը՝ Էրտողանի եւ Փութինի այս հանդիպումը կը կրէ չափազանց կարեւոր նշանակութիւն։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան բախտաւորուեցաւ իր անդրանիկ զաւակով։ Այսպէս, Հենրիխ Մխիթարեան-Պեթի Վարդանեան ամոլը որդի մը ունեցան եւ նորածինը կոչեցին Համլէթ։
Հայաստանի Արարատի մարզին մէջ 2020-ին մեծ շուքով պիտի նշուի ծիրանի փառատօնը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան:
Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» հանրածանօթ օրաթերթին համաձայն, «Թոքիօ-2020»ի ամառնային ողիմպիականի խաղերը կրնան կատարուիլ առանց հանդիսատեսներու՝ Քորոնաժահրին պատճառով:
Նշուեցաւ, որ կը քննարկուի այդ խաղերուն ժամկէտները փոփոխութեան ենթարկելու եւ ուղղակիօրէն պատկերասփռելու հարցը:
Մարզական հագուստներ, տարբեր տեսակի կօշիկներ եւ այլ սարքեր արտադրող ամերիկեան «Նայքի» ընկերութիւնը 26 մարտին հրապարակ պիտի իջեցնէ նախորդ ամիս մահացած պասքեթպոլի աշխարհահռչակ հանգուցեալ աստղ Քոպի Պրայնթի պատիւին պատրաստած «Քոպի-5 Փրոնթօ» մարզակօշիկը:
Վեհափառ Հայրապետը ԳՀԽ-ի նստաշրջանի բացման ողջունեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը:
Յառաջիկայ աշնան նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպչական աշխատանքները ընթացքի մէջ:
Պաշտօնական այց. Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը գնահատուին աննախընթացօրէն լաւ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութիւնը նոր որակ ստացած է վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցելութեան առթիւ Թիֆլիզ մեկնած Մնացականեան վրացի պաշտօնակցին հետ քննարկեց զանազան հարցեր։
Երեւանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն բուռն հակազդեցութեան առարկայ կը դարձնէ Անգարան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին բերումով։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։