Լրահոս

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՍՕՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԱՐԱՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն կ՚այցելէ նահանգապետարան։ Նորին սրբազնութիւնը կ՚ընդունուի Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ներկայ փուլի իրադարձութիւններուն շուրջ խորհրդակցելու համար կուսակալ Երլիքայա նախընթաց օր այցելած էր Պատրիարքարան, ուրկէ արձակուելու ժամանակ տեղեկացուցած էր, որ հանդիպում մըն ալ կը նախատեսէր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։

ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ ՑՈՒՑԱԿԸ ԵՐԷԿ ԻՍԿ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի՝ միշտ զուգորդուած բանավէճի մը մթնոլորտով։ Պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Մանիշակագոյն շարժումը երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը՝ լուրջ քննադատութիւններ հասցէագրելով ընտրական համակարգին։

ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՄՈՒՐՈՒՄՆԵՐ

ՆԱԹՕ ներկայիս կը ջանայ քայլ յարմարցնել համաշխարհային արդի մարտահրաւէրներուն՝ մասնաւորապէս թիրախաւորելով Չինաստանը:
Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի միջեւ տկարացած Անդրատլանտեան կապերը մեծ խնդիր մը կը համարուին դաշինքին տեսակէտէ, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ ամիս իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը նշել Լոնտոնի մէջ - Փարիզ եւ Պերլին առաջարկներ կը յղանան՝ ռազմավարական որոշումներ առնելու դրութիւնը կատարելագործելու նպատակով:

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ԹՈՒՐՔ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւսքելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Անոնք Պրիւքսելի մէջ կը գտնուէին մասնակցելու համար ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։

ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈՍՔԻՆ ԱՐԴԷՆ ԿԱԶ ԿԸ ԲԵՌՆՈՒԻ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Սեւ ծովու յատակէն կառուցուած կազամուղ երկրորդ խողովակաշարն ալ արդէն պատրաստ է շահագործման։ Կապոյտ հոսքէն վերջ, այս նոր խողովակաշարը՝ Թրքական հոսքը արդէն սկսած է բեռնաւորուիլ բնական կազով։

ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Մինչ կ՚ընթանայ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի ժամանակացոյցը, երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը:
Իսթանպուլի կուսակալը Պատրիարքարան այցելելով տեսակցեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի հետ: Հանդիպում մըն ալ կազմակերպուած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ:
Ալի Երլիքայա ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, որ ընդհանուր արժեւորման բնոյթով խորհրդակցութիւն մը կատարուած է: Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնապէս ոչինչ կը հաղորդեն այս մասին:

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Սարըեէրի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան կազմակերպուեցաւ Ամանորի ընթրիք մը՝ Grand Tarabya պանդոկին մէջ:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու բարեմաղթութիւններով ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էին փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները:

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐԻ ԷՄԻՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Տոհա, երէկ ընդունուեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի կողմէ։ Քաթարի էմիրի դիւանէն ներս տեղի ունեցած պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն վերջ Արմէն Սարգսեան եւ Քաթարի էմիրը քննարկեցին երկու երկիրներու համագործակցութեան հեռանկարները։

Էջեր