ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ
Կը տեղեկանանք, որ «Լիպրա» գրատուն-հրատարակչատունը կը պատրաստուի 2020 թուականի տարեմուտին գրասէրներու տրամադրութեան տակ դնել գիրք մը, որու բովանդակութիւնը ուղղակիօրէն կը վերաբերի մեր համայնքին։ Թրքերէն այս գիրքը կը կոչուի՝ «Որոնումներու մէջ սերունդ մը. մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ» (Arayış İçinde Bir Kuşak: Günümüz İstanbul’unda Ermeni Lisesi Mezunu Gençler)։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին. երէկ տեղի ունեցաւ կանոնական մարմիններու նիստ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան ժողովրդական հանդիպման մը մասնակցեցաւ Գատըգիւղի մէջ։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ նորին սրբազնութիւնը՝ որպէս թեկնածու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց քաղաքիս Ասիական ափի բնակիչ իր համակիրներուն հետ։
Սարօ Պենկլեան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս առկայ քմահաճ պարտադրանքներուն վրայ:
Ուսուցչաց օրուան առթիւ նախընթաց օր Կեդրոնական վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւիի գրասենեակին կողմէ։ Ձեռնարկին մասնակցեցան Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան ԷրթԷմ, Մորիս Լեւի եւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչներ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Երեւան պատրաստ է առանց նախապայմաններու բնականոնացնել յարաբերութիւնները Անգարայի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն դէպի Իտալիա կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջանակին մէջ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած էր «Corriera Della Sera» թերթին։
Յայտնի բարերարը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ դիտարկումներուն շուրջ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ՝ իր նախընտրական հանդիպումներու ծիրէն ներս։ Նորին սրբազնութիւնը հաւաքոյթի մասնակիցներուն հետ զրուցեց մեր համայնքի ներկայ առաջնահերթ օրակարգի հարցերուն շուրջ։