ԺՈՐԺ ՔԵՓԵՆԷՔԵԱՆ ԼԻՈՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
Ֆրանսահայ բժիշկ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Ժորժ Քեփենէքեան պաշտօնապէս առաջադրեց իր թեկնածութիւնը՝ Լիոնի քաղաքապետ դառնալու համար։ Հարկ է նշել, որ յաջորդ տարի Ֆրանսայի մէջ նախատեսուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնց ժամանակ Ժորժ Քեփենէքեան Լիոնի քաղաքապետի թեկնածու պիտի ըլլայ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով Արցախի ղեկավարը՝ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարեց պարբերական հանդիպումներն ու շփումները անոր հետ։
Վլատիմիր Փութին ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի արաբական երկիրներ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիան, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հիւր վարչապետը Երեւանի մէջ դիմաւորուեցաւ զինուորական արարողութիւնով՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Կրօնական ժողովի ատենապետը շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ՝ անգլիական The Independent հեղինակաւոր լրատուամիջոցի թրքերէն տարբերակին համար։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր Պաքուի մէջ կը մասնակցի Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի 7-րդ գագաթաժողովին։ Երէկ, նախագահ Էրտողան ժամանեց Պաքու, ուր Զակուլպայի պալատէն ներս առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս առաւօտ Երեւանի մէջ ընդունուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Եռանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցեցան՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։
Հանրապետութեան նախագահը մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն հետ:
Համայնքային շրջանակները վերյիշեցին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի բազմամեայ ատենապետը:
Հայաստանեայց Առաքելական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղպտի եկեղեցիներու առաջնորդներ վերջերս հանդիպում մը ունեցան Գերմանիոյ Վորպուրկ քաղաքի Ս. Յակոբ ասորի եկեղեցւոյ վանական համալիրէն ներս։ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, նաեւ Ասորի եւ Ղպտի եկեղեցիներու սրբազան պատրիարքներու օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որ կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ։