ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին զուգահեռ կատարուած դատական դիմումները միշտ կը զբաղեցնեն օրակարգը:
Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի վիճարկումը թէեւ բաւարար չեղաւ կասեցման համար, սակայն դատավճռի հիմնաւորումները կը համարուին թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ հակասական, ինչ որ առիթ կ՚ընձեռէ հարցը տեղափոխելու Վերաքննիչ ատեան: Իսթանպուլի կուսակալութիւնն ալ ներկայացուցած է իր խորհրդածութիւնը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մասնակցեցաւ Ռըզա Աքփոլատի կազմակերպած երեկոյթին:
Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Այման էլ Սաֆատ երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ բանակցութիւններ վարելէ վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Լոնտոն, ուր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Դաշինքի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած է այս գագաթաժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան միջազգային հրատապ խնդիրներ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պաքուի մէջ ծաւալուած քննարկումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Մանիշակագոյն շարժման պատգամաւորի թեկնածուները արժեւորեցին իրենց կողմէ տարուած աշխատանքը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Լոնտոն՝ ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին սրբազնութիւնը Լոնտոնի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ Աղթամարի Ս. Խաչ պատմական տաճարին ձօնուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ պիտի բացուի վաղը։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ մեր համայնքէն ներս համատարած հրճուանքի մը մթնոլորտը ստեղծուած է։ Երէկ երեկոյեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Եշիլգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։