Լրահոս

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐԻ ԷՄԻՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Տոհա, երէկ ընդունուեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համատ էլ Թանիի կողմէ։ Քաթարի էմիրի դիւանէն ներս տեղի ունեցած պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն վերջ Արմէն Սարգսեան եւ Քաթարի էմիրը քննարկեցին երկու երկիրներու համագործակցութեան հեռանկարները։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ. ԱԼԻ ԵՐԼԻՔԱՅԱ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ՆԱԵՒ Տ. ԱՐԱՄ. ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ՀԵՏ

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա այսօր ժամը 16.32-ին այցելեց Պատրիարքարան։ Գումգաբուի մէջ կուսակալ Ալի Երլիքայա Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ, որու կողքին էին դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան շարքերը համալրուեցան շաբաթավերջի հանդիսաւոր աւանդական արարողութիւնով:
Նորաօծ հոգեւորականներու շարքին է պոլսահայ ժառանգաւոր սան Արտա Սարկաւագ Տիւշէն, որ վերանուանուեցաւ Տէր Արտակ Աբեղայ. Նուրհան Պատրիարքէն օրհնութիւն:

ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՍԱՐՕ ՊԵՆԿԼԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԷՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն երէկ անդամ մը եւս պակսեցաւ։ Այսպէս, Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն հրաժարեցաւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ միեւնոյն ժամանակ մամլոյ բանբերի պարտականութիւնը ստանձնած էր։

ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՄԵԶԻ ԱԼ ՔԱՐԻՒՂ ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԵՑԱՒ»

Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ պարագային Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնը չէ քարիւղը։ Նախագահը յայտնեց, որ անոնք, որոնք կ՚ուզեն բաժնել Սուրիոյ քարիւղը՝ բաժին առաջարկած են նաեւ Թուրքիոյ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԲՈՂՈՔ

Հայաստանի Հանրապետութան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ հայկական հարցի վերաբերեալ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն շուրջ։ Երեւան այս յայտարարութիւնով, ըստ էութեան, բողոք յայտնած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն դէմ։

Էջեր