ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Սպահանի մէջ տեղի ունեցած Մանկապատանեկան ժապաւէններու 31-րդ միջազգային փառատօնի շրջագծէն ներս, կազմակերպութեամբ Սպահանի 5-րդ շրջանի քաղաքապետարանի Քաղաքի բարեզարդման կազմակերպութեան, 3 սեպտեմբերին, Նոր Ջուղայի «Ջուլֆա» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Սպահանի մէջ ծնած եւ գործունէութիւն ծաւալած, հայ շարժապատկերի քննադատ եւ բեմադրիչ, հանգուցեալ Զաւէն Ղուկասեանի կիսանդրիի բացումը:
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կինը՝ Պրի-ժիտ, նկարահանուած է Vestiaires ֆրանսական ֆիլմաշարին մէջ, անոր մասնակցութեամբ թողարկումը եթերի վրայ կը յայտնուի այսօր՝ սեպտեմբերի 15-ին։
Comedy club փառատօնի շրջանակներէն ներս այսօր՝ սեպտեմբերի 15-ին Երեւան կը ժամանէ աշխարհահռչակ Հոլիվուտի դերասան Ժան-Քլոտ Վան Տամ: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Comedy club production-էն, աշխարհահռչակ դերասանը փառատօնի նախագծի նկարահանումներու պաշտօնական հիւրն է:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ այցելեց Հրէից խախամապետարան:
Թուրքիա-Ղազախիստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստ:
Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս քրիստոնեաներու տեսակէտէ կարեւոր ժողով մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Էլիզէի պալատին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա երէկ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու նախարարները ստորագրեցին հռչակագիր մը՝ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս կողմերու համագործակցութեան ամրապնդման շուրջ։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր արձագանգ կը հանդիսանայ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէնի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, ան միջոց մը առաջ Կարսի շրջանէն խախտած էր Հայաստանի սահմանը։
Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան համերգասրահին մէջ պոլսահայ արուեստագէտներու յաջող ելոյթը: