Լրահոս

ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ Լարսի անցքի այլընտրանքը շուտով կ՚օգտագործուի:
Թիֆլիզի մէջ յուշատախտակ մը զետեղուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակուած դահլիճէն ներս - Մարկվելաշվիլի Վրաստանի տեսակէտէ կարեւոր համարեց հարեւան երկրի կայունութիւնը:

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվըտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած նիստը տեւեց 3 ժամ 15 վայրկեան։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Յունիսի 2-4 թուականներուն միջեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Fashion Forum Yerevan 2018-ը՝ նորաձեւութեան ոլորտը զարգացնելու եւ յառաջ տանելու առաքելութեամբ: Համաժողովը կը կազմակերպէ «Ազդեցութեան գործարար ակումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ «Նորաձեւութեան եւ ձեւաւորումի պալատ» կազմակերպութեան հետ համատեղ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վրաստան։ Ան այս առաւօտ ժամանեց Թիֆլիզ, ուր օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի կողմէ։

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ

«Հարաւային կազի միջանցք»ը սկսաւ գործել հանդիսաւոր արարողութիւնով՝ «Շահտենիզ 2»ի պաշարներով:
Իլհամ Ալիեւ. «Մենք կ՚ուզենք աւելի շատ բնական կազ արտածել դէպի Եւրոպա, որ ամենաարդիւնաւէտ շուկան է մեզի համար։ Այս խողովակաշարը կը վերաձեւաւորէ Եւրոպայի ուժանիւթի քարտէսը»:

ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին խօսեցան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։

ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ

Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց դադրեցնել «Տաշիր քափիթալ»ի հետ ստորագրուած պայմանագիրը՝ բաշխիչ ելեկտրացանցերու վերաբերեալ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «Բարձրավոլթ ելեկտրացանցեր» ընկերութիւնը «Տաշիր կրուփ»ի հաւատարմագրային կառավարման յանձնուած էր պայմանագրով մը, որ ստորագրուած էր անցեալ տարի։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական մեծահանդէս ու փառաշուք տօնակատարութիւնները երէկ բնորոշեցին համայն հայութեան օրակարգը։ Սարտարապատի յուշահամալիրէն ներս տեղի ունեցած զօրահանդէսին զուգահեռ՝ օրուան տեւողութեան ամբողջ երկրին մէջ տեղի ունեցան բազում ձեռնարկներ։

ՆՈՐ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐ

Մեծ ներդրում. «Հարաւային կազի միջանցք»ի պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութեան օրը:
Իլհամ Ալիեւ. «Ուժանիւթի անվտանգութեան հարցին մէջ Ատրպէյճան դարձած է աշխարհի համար կարեւոր երկիր»:

Էջեր