ԵՐԴՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ
Վճռաբեկ ատեանի 8-րդ բաժանմունքը ուշագրաւ վճիռ մը արձակեց Թուրքիոյ կրթական կեանքին տեսակէտէ։ Ինչպէս ծանօթ է, 2013 թուականին կառավարութեան որոշումով դադրեցուած էր դպրոցներէ ներս ամէն առաւօտ աշակերտական երդում կատարելու ստիպողութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Ժընեւ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին հարցազրոյց մը տուաւ Զուիցերիոյ պաշտօնական հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայանին (RTS)։
Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր երկու գիտնականներուն շնորհուեցաւ պատուակալ տոքթորի կոչում: Պեն Ֆերինկա եւ Ֆրէյզըր Սթոտտարթ այցելեցին Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարան:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այսօր Վատիկանի մէջ կը տեսակցի Սրբազան Պապին հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Ժընեւ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գերմանացի ձեռնարկատէր Ֆրանք-Եուրկէն Ռիխթէրի հետ։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ Զուիցերիոյ մէջ գործող «Horasis» կեդրոնի հիմնադիր նախագահն է։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութինի եւ Պոլթընի զրոյցը անցաւ որոշ չափով լարուած մթնոլորտի մը մէջ։
CIA-ի տնօրէնուհի Ճինա Հեսփըլ այս օրերուն կ՚այցելէ Թուրքիա։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի հաղորդումներով, ան հանդիպում մը կ՚ունենայ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտանի հետ։
Արմէն Սարգսեան. «Մենք պէտք է անպայման կարողանանք կառուցել կայուն եւ կանխատեսելի երկիր մը»: