ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ
Սփիւռքահայ յայտնի երգիչ Արթօ Թունչպոյաճեան երէկ Երեւանի մէջ այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան հիւրընկալուեցաւ հիմնադրամի նորանշանակ տնօրէն Հայկակ Արշամեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Արթօ Թունչպոյաճեան առաջարկեց հիմնադրամի ի նպաստ զօրակցութեան համար ներգրաւել նաեւ սփիւռքի պատանիներն ու երիտասարդները։
Ուքրայնայի եկեղեցւոյ անկախացման քայլը լարուածութեան պատճառ դարձաւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Քննարկուեցան հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Ճորճ Քենթը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց այս այցելութիւնը եւ սա լաւ հնարաւորութիւն մը համարեց երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը եւ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները քննարկելու տեսակէտէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այս օրերուն պիտի այցելէ Թուրքիա։ ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աղբիւրները հաղորդեցին, որ պետական քարտուղար Փոմփէօ ներկայիս Սէուտական Արաբիա կ՚այցելէ։
Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Պարթեւ կը նշէ իր երաժշտական գործունէութեան 40-ամեայ յոբելեանը՝ «Հայ երգով քառասուն տարի» կարգախօսով։
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը այս առաւօտ արտահերթ ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ. երեկոյեան կարեւոր յայտարարութիւն:
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան մեր զանազան եկեղեցիներուն մէջ։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդիսապետեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։