ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ Կ՚ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԻ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, որու մահը խոր ցաւ ստեղծեց վերջին օրերուն, այսօր կը յուղարկաւորուի՝ առարկայ դառնալով բիւր յարգանքի։ Մեծանուն վարպետը յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ պատշաճ շուքով՝ իր վաստակին ու համբաւին վայել ձեւով։ Այս առաւօտ իրեն համար Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը, որու աւարտին կարգը եկաւ յուղարկաւորութեան արարողութեան՝ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուրկէ ալ իր մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը՝ ամփոփուելու համար ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ընդհանուր տնօրէն Մարկ Գրիգորեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Ան երէկ յետմիջօրէին Իսթանպուլ հասաւ Երեւանէն ուղիղ թռիչքով, իր օգնականին՝ Անի Մինասեանի հետ։
Էրտողան եւ Ալիեւ երէկ մասնակցեցան Ալիաղայի մէջ կազմակերպուած բացման:
Աշխարհահռչակ լուսանկարչի վաղուան յուղարկաւորութեան ընդառաջ՝ համատարած զօրակոչ պատշաճ շուքով հրաժեշտ մը կազմակերպելու նպատակով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ յուզումով արձագանգեց աշխարհա-հըռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան։ Հայաստանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը հրապարակեցին ցաւակցականներ։
«Իսթանպուլի աչք»ը փակուեցաւ 90 տարեկան հասակին. ոչ եւս է «Դարու լուսանկարիչը» կոչման արժանացած, պարգեւներու եւ մրցանակներու դափնեկիր աշխարհահռչակ վարպետը, որ կը դասուէր կենդանի առասպել: Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն: Արա Կիւլէր եղած էր իր ապրած ժամանակի վաւերագրողը, մարդկութեան երթի սուր եւ եզակի դիտարկողը: Ծանր եւ անփոխարինելի կորուստ զանգուածային լրատուութեան աշխարհի եւ գեղարուեստական կեանքի տեսակէտէ: Նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ցաւակցեցաւ ընտանիքին: Պոլսահայութիւնը կը սգայ՝ անհաւատալի ու վառ դրուագներու որսորդ իր այս մեծանուն ու մեծատաղանդ զաւկի հրաժեշտը:
Էրտողան երէկ «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին հետ: «Եթէ Ուաշինկթըն ունի դժուարութիւններ, ապա Թուրքիա Մենպիչը կրնայ առանձին մաքրագործել ահաբեկիչներէն»: