ԹՐԱՄՓ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՀԵԼՍԻՆՔԻԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ 16 ՅՈՒԼԻՍԻՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին 16 յուլիսին հանդիպում մը պիտի ունենան Հելսինքիի մէջ։ Մինչ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ կը տիրեն տարաձայնութիւններ՝ երկու ղեկավարներու հանդիպման կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։
Մէկտեղելով հանգիստն ու ընթերցանութիւնը՝ արդէն չորս տարիէ ի վեր իրականացուող «Ամառնային ընթերցանութիւն» ծրագիրը գրական-մշակութային աշխոյժ միջավայր կը ստեղծէ բազում երեխաներու ու պատանիներու համար: Նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ ամրան ամիսներուն անոնք հնարաւորութիւն կ՚ունենան կարդալու բազում հետաքրքրական ու ինքնատիպ գիրքեր:
Սուրիացի մասնագէտներ Հայաստանի մէջ իրենց ստացած ձեռագրերու եւ փաստաթուղթերու պահպանման եւ վերականգնման հմտութիւնները լայնօրէն կ՚օգտագործեն իրենց մշակութային արժէքները փրկելու համար: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ յունիսի 26-ին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ծրագրի շրջանակին մէջ Հայաստան եկած եւ Մատենադարանի աշխատակիցներու կողմէ դասընթացք ստացած սուրիացիները աւարտեցին զայն եւ ստացան իրենց վկայագրերը:
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի պատմական ու սրբազան համալիրէն ներս հանդիսաւոր մեծարանք՝ բարձրաստիճան հիւրի համար:
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ՝ համաձայնութեան հասնելու համար գաղթականներու խնդրին շուրջ։ Պրիւքսելի մէջ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդին ժողովը, որու ընթացքին ապրուեցան բարդ վէճեր։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Գերմանիա խորհրդարանական աշխոյժ համագործակցութեան կապակցութեամբ։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը կարեւորէ՝ բարձր մակարդակով այցելութիւններու աշխուժացումը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պաշտօնի փոխանցման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, նորընտիր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան առաջնորդական ասան ստացաւ՝ ձեռամբ նախկին առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։
Ամերիկահայ աշխարհահռչակ երաժիշտ, ռաք երաժշտութեան կենդանի առասպել Սերժ Թանկեան վերջերս այցելեց Երեւան։ Իր կեցութեան օրերուն ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի կողմէ։
Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան յայտարարեց, որ կաշկանդող հանգամանք մը չկայ 1 մարտ 1999 թուականի դէպքերու բացայայտման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սասուն Խաչատրեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Հայաստանի կառավարութեան նիստէն առաջ։