ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԴԵՐԸ ՄԻՇՏ ՇԻՆԻՉ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփումները՝ նպաստելով անոնց միջեւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ երկխօսութեան զարգացման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա Պաքուի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Սփութնիկ» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութեան։
Քոչարեանի բանբերն ու փաստաբանները շաբաթավերջին մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ:
Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան այս առաւօտ պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Սա հրաժեշտի այցելութիւն մըն էր, որովհետեւ Իկոր Մարտիրոսեան 1 օգոստոսի դրութեամբ կ՚աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը քաղաքիս մէջ։
Երկար տարիներ արկղերու մէջ պահուած «հարստութիւնը» վերջապէս հանրութեան ներկայացնելու հնարաւորութիւն ստեղծըւած է: Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ՝ Կիւմրիի քաղաքային համայնքի Ջիւանի փողոց, 74 հասցէին վրայ գտնուող հիւանդանոցի շէնքը անհատոյց, անժամկէտ օգտագործման իրաւունքով յատկացուած է «Շիրակի Երկրագիտական թանգարան» ՊՈԱԿ-ին:
Երեւանի մէջ բացուեցաւ նկարչուհի Յասմիկ Գասպարեանի «Սկիզբ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են իր 18 աշխատանքները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚արտացոլացնէ նկարչուհիի յոյզերը, ապրումները, տրամադրութիւնները:
Ամիսներ առաջ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը յայտարարեց նոր նախագծի՝ «Դէպի մանկական Եւրոտեսիլ»ի մեկնարկը: Երկու ամիս շարունակ ստեղծագործական խումբը կը ստանար տասնեակ յայտեր, ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ արտերկրէն: