Լրահոս

ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Հայաստանի Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ պաշտօնի կոչեց Հանրապետութեան չորրորդ ղեկավարը:
Արմէն Սարգսեան պիտի երդուէ յառաջիկայ 9 Ապրիլին: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ շնորհաւորական:

ԱՅԼԵՒՍ ՉԿԱՆ…

Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։
Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները առ ոչինչ։
Երեւան ապագային եւս պատրաստ կ՚ըլլայ յարաբերութիւններ հաստատել Անգարայի հետ՝ եթէ ըլլան առաջարկներ։

ՉՈՐՐՈՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը արտահերթ նիստի ընթացքին ձեռնարկեց քուէարկութեան:
Արմէն Սարգսեան յառաջիկայ եօթ տարիներուն պիտի ըլլայ պետութեան գլխաւոր դէմքը՝ լայնախարիսխ զօրակցութեամբ:

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը հիւրընկալուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԷ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովը վաղը պիտի ձեռնարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան։ Նորանկախ պետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ հանրապետութեան նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանին կողմէ։ Սա պիտի ըլլայ բարեփոխեալ սահմանադրութիւններու հիման վրայ։

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱԿ-Ի ԺԸՆԵՒԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ ՄԱՅՔԸԼ ՄԻՒԼԼԷՐԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Միւլլէրի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալն է։ Տեսակցութեան ընթացքին երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու աշխատանքներուն Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան կապակցութեամբ։

ՏԱԳՆԱՊԷՆ ԴԷՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄ

Իսրայէլի իշխանութիւններուն կողմէ նախատեսուած քայլերը պատճառ դարձան Սուրբ Քաղաքի երեք պատրիարքութիւններու բողոքին:
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները քանի մը օր փակ մնալէ վերջ վերաբացուեցան՝ քրիստոնեայ աշխարհի վառ ուշադրութեան ներքեւ: Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան արդիւնաւէտ համարեց ձեռնարկուած միջոցները, որոնց նպատակն է իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Էջեր