ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ
Հայաստանի եւ Իտալիոյ ղեկավարութիւնները պատրաստակամ են զարգացնել համագործակցութիւնը:
Նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
Հայաստանի եւ Իտալիոյ ղեկավարութիւնները պատրաստակամ են զարգացնել համագործակցութիւնը:
Նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտարարեց, որ Երեւան Անգարայի կողմէ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու ազդակներ չէ ստացած։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս զանազան առիթներով յայտարարեց, որ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հիւրընկալեց Կլենտէյլի «Էտվէնթիստ» բժշկական կեդրոնի նոր նախագահ Ալիս Ալիզային։ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, Ալիս Ալիզայիին ընկերացան իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան, որ յիշեալ առողջապահական կեդրոնի խնամակալ մարմնին կ՚անդամակցի, նաեւ Արեւմտեան թեմի թեմական խորհուրդի նախկին անդամներէն մին է։
Անթիլիասի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ամբողջացուցած է Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով ձեռնարկած դատական գործի թղթածրարը, որով դիմում պիտի կատարուի Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն մօտ։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկուան ժողովին ընթացքին քննարկեց Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի առկայ բարդ հարցերը:
Թուրքիա բողոք յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ՝ ռազմավարական գործընկերութեան անհաւասարակշռելի վնասներ հասցնելու բերումով:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ հանդիսաւորապէս բացուեցաւ մշակութային ժառանգութեան կեդրոն:
Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կը զարգանայ կայուն թափով ու կարեւոր հեռանկարներով:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւններու վերիվայրումները այս շրջանին դարձեալ մտահոգութեան տեղի կու տան միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ Ուաշինկթընի մէջ ձեւաւորուած ղեկավարութիւնը արդէն դժգոհութիւն յայտնած էր՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին ապահովուած միջազգային համաձայնութեան առընչութեամբ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփումները՝ նպաստելով անոնց միջեւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ երկխօսութեան զարգացման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա Պաքուի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Սփութնիկ» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութեան։
Ռուսաստանի Սոչի քաղաքին մէջ բռնկած հրդեհի մը զոհ գնաց չորս հայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սոչի քաղաքի Ատլերի շրջանի բնակարաններէն մէկուն մէջ ծագեցաւ հրդեհը։
Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան միշտ հետամուտ Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման:
Թուրքիա կը նախատեսէ յառաջիկայ սեպտեմբերի 6-ին նոր գագաթաժողով մը կազմակերպել: