Ման՞չ, Թէ Աղջիկ
«Մա՞նչ է, թէ՞ աղջիկ»:
Հետաքրքական հարցում մը, որուն պատասխանը հարցումին հետ ո՛չ մէկ կապ ունի:
«Մա՞նչ է, թէ՞ աղջիկ»:
Հետաքրքական հարցում մը, որուն պատասխանը հարցումին հետ ո՛չ մէկ կապ ունի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աննման իմ ծննդավայր,
Բնութիւն հրաշալի,
Գեղեցկութիւն բաղձալի,
Դրախտավայր իմ Քէսապ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային լրահոսին եւ լրատուական գործակալութիւններուն համար, վերջին օրերուն, գլխաւոր լուր կը դառնար Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին վրայ գտնուող Տերա աւանը, որ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող ընդդիմադիրներու ամենակարեւոր եւ «վերջին» բերդերէն մին։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ամերիկայի մէջ եւ հաւանաբար ալ այլուր սովորութիւն դարձած է, որ երկրորդական վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն հրաժեշտի ուղերձը կարդայ դասարանի առաջնութիւնը շահող աշակերտը, որ կը կոչուի Valedictorian:
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Ինչո՞ւ հաւատացեալներ Ս. Երրորդութեան օրհներգութեան ընթացքին երեք անգամ «Ամէն» ըսելով կը ձայնակցին։
- «Ամէն» եբրայերէն բացատրութիւն մըն է, որ կը նշանակէ եղիցի, այնպէս ըլլայ, ինչպէս նաեւ կը նշանակէ իսկապէս, ստուգապէս, ճշմարտապէս, իրաւամբ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մեծ մայրը կողը բռնած օրն ի բուն կ՚աղօթէ ու փառք կու տայ Բարձրեալին: Միշտ այս կեցուածքը ունի ան, գոհունակութիւն մը կայ անոր դէմքէն ցոլացող, քիչ մըն ալ թաց աչքեր կը պսպղան փայլք մը տալով դէմքին շողին: Կողը: Ի՞նչ կայ հոն:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Սրտակից ընկեր մը, որ մօտէն կը ճանչնայ բոլորիս սիրելի երաժիշտ Գէորգ Հաճեանը, առաւօտ մը, ուրախ տրամադրութեամբ լեցուած, սեղանիս վրայ դրաւ գեղատիպ կողքով ձայնասկաւառակ մը, ապա անպաճոյճ բառերով ըսաւ. «Գէորգին նուէրը՝ քեզի»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէսզի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ» (Ելք 32.1)
Սա իսրայէլացիներուն բողոքի ձայնն էր, որ Ահարոնին ուղղեցին, երբ Մովսէսը Սինա լեռ բարձրացած էր՝ Աստուծոյ մօտ:
Հին ժամանակներուն հայերուս ամուսնական ընտրութեան կարգը ունեցած է նահապետական բնոյթ: Այսօր շատերուն զարմանալի կը թուի նոյնիսկ ա՛յն, որ կողմերու սեփական ընտրութիւնը եղած է խիստ սահմանափակ:
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Սուրբերու յիշատակութեանց քարոզները «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» յանկերգով կրճատելը ի՞նչ նշանակութիւն ունի։
- Ոմանք սրբոց յիշատակութիւնները աւելորդ համարելով՝ ամենայն վստահութեամբ կը կրճատեն զանոնք, եւ հազիւ իւրաքանչիւր տունի առաջին մէկ-երկու բառերը արտասանուած՝ զայն կ՚ընդմիջեն «Յիշեա՜ Տէր, եւ ողորմեա» յանկերգով, որ այս ձեւով իր իմաստէն ալ կը պարպուի։