Հարթակ

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պատրաստեց՝  ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

ՆԱ­ՍԱ-ն Շա­բաթ օր յայտ­նեց, որ կը մտադ­րէ 2020 թուա­կա­նին Հրատ մո­լո­րակ ուղ­ղա­թիռ ու­ղար­կել:
Գոր­ծա­կա­լու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րը սար­քին վրայ աշ­խա­տած են չորս տա­րի:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Դ.)

Աշխատասիրեց՝ 
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

- Ի՞նչ կը նշա­նա­կէ պատ­րաս­տու­թիւն։
- Պատ­րաս­տու­թիւ­նը պա­տա­րա­գիչ ան­ձին պատ­րաս­տու­թիւնն է, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ յա­տուկ ա­ղօթք­նե­րով եւ յա­տուկ զգես­տա­ւո­րու­մով, ա­ւան­դա­տան մէջ, առ­հա­սա­րակ ժո­ղո­վուր­դին աչ­քէն հե­ռու:

«ԵՍ ԱԹԷԻՍՏ ԵՄ…»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

Այսօրուան համաշխարհայնացած աշխարհը մարդուն ընձեռած է «ազատակամութիւն»՝ առանց չափերու եւ առանց սահմաններու: Մարդիկ, սկսած են ունենալ իրենց սեփական սուրբ գիրքերը, սահմանադրութիւնները, բարոյագիրքեր, որոնք գրուած են իւրաքանչիւրին սեփական համոզումներուն եւ ակնկալիքներուն հիման վրայ:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Գ.)

Աշխատասիրեց՝  ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

- Ի՞նչ բանի խորհրդանիշ են եկեղեցւոյ Խորանը եւ անոր խորը դրուած Ս. Սեղանը։
- Եկեղեցւոյ Խորանը կը խորհրդանշէ երկինքը, իսկ Ս. Սեղանը՝ Աստուծոյ գահը, երկնքի սրբարանը, ուր Յիսուս կը քաւէ եւ մշտնջենական բարեխօսութիւն կ՚ընէ հաւատացեալներուն համար։

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՄԻՋՆԱԲԵՐԴԸ

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

​Հայ Եկեղեցին քրիստոսասէրներուն հաւատքին միջնաբերդն է, որ իր առաքելաշունչ քարոզութեամբ առողջ հաւատքի սերմնացանը կը հանդիսանայ։ Ինչպէս որ սերմանողը անշարժ վիճակի մէջ չի մնար, այլ կը շրջի եւ սերմնահատիկներ կը ցանէ, այնպէս ալ Եկեղեցին անխարդախ հաւատքի տարածիչն է։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԶԱՐՄԱՑԱԾ Է, ԱՄՆ՝ «ԵՐՋԱՆԻԿ», ԻՍԿ ԻՐԱՆ՝ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած «Թաւ­շեայ յե­ղա­փո­խու­թեան» թե­ման կը շա­րու­նա­կէ մնալ լու­սար­ձակ­նե­րու տակ: 
Խնդի­րը այն չէ միայն, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­վի­ճակ փո­խուած է…

Ար­հես­տա­քուն

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Հին Յունաստանը Հիփնոս անունով քունի աստուած մը ունէր, որմէ՝ յունարէն լեզուին «քուն» բառը: Ուրեմն, hypnosis-ը դիցաբանական անունէն կու գայ: Անիկա արհեստականօրէն յառաջ բերուած քնանման դրութիւնն է, որ կարելի է «արհեստաքուն» (hypnosis) կոչել, իսկ արհեստաքունի յառաջացման գործընթացը՝ «արհեստական քնաբերութիւն»:

Էջեր