ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՆՀԱՏՆԵՐԸ ԿԱՄ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՆ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՐԵՆՑ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՓՈԽԱՆՑԵԼ Ս.Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԻՋՈՑԱՒ
VADİP-ի երէկուան ժողովի սկիզբին Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան բազմակողմանի լուսաբանութիւն մը տուաւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան տակ գործող գաղթականաց յանձնախումբի աշխատանքներուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիայէն եւ Իրաքէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայերուն օժանդակելու, աջակցելու համար ներկայ տարուան սկիզբին Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնի կոչած էր յատուկ յանձնախումբ մը, որ անցեալ ամիսներու տեւողութեան ծաւալած է հետեւողական գործունէութիւն։

ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ