ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒՀԻՆ
ԼԻԶԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆ-ԹԻՒՄՊԷՐԵԱՆ
Աչքերը պէտք է գեղեցկութիւն ըմպեն, որպէսզի սնունդ տան հոգիին եւ յագեցնեն անոր ծարաւը:
Որքան հաճելի եւ ուրախալի է տեսնել քու իսկ աշխատած ձեռագործդ՝ զայն աւարտելէ ետք, որքան հպարտութեամբ կը լեցուի հոգիդ տեսնելով քու կարած ու նաշխած կտորդ: