Հոգե-մտաւոր

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Թ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Զգալի փոփոխութիւն մը ապրեցաւ ընտանեկան կառոյցն ու յարաբերութիւնները 19-րդ դարէն մինչեւ 21-րդ դարը. 9-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դար այնքան փոփոխութիւն չեղաւ, ինչքան վերջին այդ երկու հարիւր տարուան ընթացքին:

ՆԱԽԱՆՁ՝ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄՈԼՈՒԹԻ՛ՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պատուիրանը կը պահանջէ «նախանձ»ը արտաքսել մարդկային սրտէն։ Նախանձը՝ չար զգացում մըն է, որ մարդ կ՚ունենայ՝ տեսնելով ուրիշի յաջողութիւնը կամ բախտաւորութիւնը, որոնցմէ ինք զուրկ է. մախանք, չարակնութիւն է ան։

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Ը.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջին մեր գրութեամբ խօսեցանք հարուստ ընտանիքներու մէջ տեղ գտած զաւակ-ծնողք յարաբերութեան մասին եւ, ըսինք, թէ այն նոյն պատկերը, որ կար այնտեղ, նոյնը չէր աղքատ ընտանիքներու պարագային։ 18-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 19-րդ դարու սկիզբը դասակարգերու մէջ կար յստակ տարբերութիւն մը.

ԱՆՊՏՈՒՂ ԹԶԵՆԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ եւ պարարտացուցիչ թրիք դնեմ եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրես ատիկա՛». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 8-9)։

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Է.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային ընկերութեան մէջ ընտանեկան կառուցուածքը սկսաւ յստակ փոփոխութիւն կրել 18-րդ եւ 19-րդ դարերու ընթացքին. աղքատ դասակարգին մօտ այդ փոփոխութիւնը այդքան նկատելի չեղաւ, ինչքան հարուստ դասակարգին մօտ. միջին եւ աղքատ դասակարգի կինը ամբողջութեամբ կը տարբերէր հարուստ ընտանիքներու մայրերէն ու կիներէն.

ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱՆՔ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրախ պէտք է ըլլանք, քանի որ ապահով եւ ամենավստահելի Հայր մը ունինք. Ա՛ն է մեր Նախախնամը, Ա՛ն է մեր ապաւէնը։ Այս գաղափարը մեզ կը մխիթարէ մեր նեղութիւններուն, մեր ցաւերուն, վիշտերուն մէջ։

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Զ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հին քաղաքակրթութիւնը կը հաւատար, որ ներդաշնակ ու համերաշխ հասարակութիւն մը սկիզբ կ՚առնէ յարգալիր ու սիրալիր ընտանիքէն. ընտանեկան պարտաւորութիւնն ու ընտանեկան կեանքին մէջ խոր յարգանք ունեցող զաւակներ, հասարակութեան համար ալ լաւ օրինակ դառնալով՝ լաւ միջավայր կը ստեղծեն:

ԾՆՈՂՔ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ (Ե.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հին ժամանակաշրջանի մտայնութիւնը աւելիով հասկնալու համար պէտք է աչքէ անցընել նաեւ օրէնքները։ Մարդկային պատմութեան ու քաղաքակրթութեան մէջ մեծ դեր ունին օրէնքները, որոնք եղած են միջոց ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը վերացնելու եւ զանազան հարցերու մասին յստակ բարոյական կեցուած որդեգրելու եւ վստահաբար օրէնքները սերտած ժամանակ պէտք է մօտէն ուսումնասիրենք Համմուրապիի օրէնքները, որոնց ընտանիքի մասին օրէնքները կարեւոր դեր ունին հասկնալու համար ծնողք եւ զաւակ յարաբերութիւնները: 

ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ընդունելով հանդերձ, թէ Հայաստան շատ կանուխէն ունեցած է իր առաջին հրեայ քարոզիչները կամ առաքեալները՝ որոնք ուղղակի կամ անցողակի եկած եւ աւետարանած են Քրիստոսի կրօնը, ընդունելով այդ, պէտք է նկատի առնել նաեւ, թէ Հայաստանի շրջակայ երկիրներն ալ կրնային ունեցած ըլլալ իրենց ազդեցութիւնը։

Էջեր