Հոգե-մտաւոր

ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԱՆԲԱԺԱՆԸ - Ա -

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդիկ յաճախ կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ սիրոյ Աստուած նեղութիւններու եւ տառապանքներու կ՚արտօնէ։ Այս հարցումին կը պատասխանէ Յոբ երանելին. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, եւ թշուառութիւնով լեցուն է». (ՅՈԲ. ԺԴ 1)։

ԵԹԷ ՆԱՐՏԻՆ ՉԸԼԼԱՅ… ՄԱՐԴ ԻՆՉԻ՞ ՆՄԱՆ Կ՚ԸԼԼԱՅ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջապէս կրցայ համոզուիլ, որ ազգի մը փրկութեան համար ո՛չ բանակի եւ ո՛չ ալ մտաւորականութեան կարիքը կայ. այդ բոլորին կարեւորութիւնը անցեալին էր: Հիմա արդէն ժամանակն է նարտիով ազգը փրկելու եւ «շէշ-պէշ» մը բերելով մարսով պարտութեան մատնելու թշնամին...:

ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փորձութիւնը մարդկային կեանքին անբաժան փորձառութիւնն է. սակայն Աստուած մարդուն նաեւ կարողութիւնը եւ զօրութիւնը կու տայ, իր ծանրութեան չափին եւ տարողութեան չափին համեմատ՝ որ փորձութիւններու դէմ դնէ։ Մինչեւ այն ատեն, որ «Չար»ը՝ Սատանան այս աշխարհի իշխանն է, փորձութիւնները մարդուն բաժինը պիտի ըլլան։

ՆԻՇԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային պատմութեան ընթացքին ժամանակը յաջողեցաւ փոխել գրեթէ ամէ՛ն բան։ Փոփոխութիւնները կատարուեցան շատ արագ եւ իրերայաջորդ ձեւով, սակայն այդ բոլորին մէջ կամաց զարգացողը եղաւ ուսումն ու կրթութիւնը. ո՛չ միայն հայերու պարագային, այլ համաշխարհային ձեւով մարդկութիւնը չյաջողեցաւ գտնել ու ստեղծել ձեւ մը, մեթոտ մը, որ ըլլայ տարբեր՝ քան մերօրեայ կրթութեան ձեւը, որ իր մէջ դաստիարակչական գրեթէ շատ քիչ բան ունի:

ՆԵՂ ՃԱՄԲՈՎ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքը ապրիլ եւ նպատակին հասնիլ դժուար է. այս դժուարութիւնը բոլորս ալ ապրած ենք եւ այս իսկ պատճառով ըսուած է, թէ կեանքը պայքար մըն է։ Եւ սակայն, այս դժուարութիւնը յարաբերական է եւ համեմատական՝ կեանքին եւ անոր նպատակին տրուած նշանակութեան նկատմամբ։

ԱՂՔԱՏ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ անգամ մը եւս փաստեցի, որ մեր հասարակութեան մէջ իբր թէ «բարերար» շրջող «ողորմած» ու «բարեսիրտ» մեծահարուստները իրենց բարերարութիւնն ու նուիրատուութիւնը կը կատարեն պարզապէս ո՛չ թէ կարեկցանքի կամ իրերօգնութեան հոգեբանութեամբ, այլ պարզապէս արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող իրենց «փառք»ին վրայ նոր պարծանք ու պատիւ աւելցնելու համար:

ՊԱՐԶ ԵՒ ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Արուեստը՝ հոգիին զգացածներուն իւրայատուկ ոճով եւ գեղեցկագիտական ձեւերով արտայայտութիւնն է։ Այս իմաստով, ընդհանրապէս կ՚ընդունուի եւ կ՚առաջարկուի, թէ արուեստը պէտք է ըլլայ «պարզ» եւ «անբացատրելի՛»։

«ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ» ՍՈՒՏԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ շատերու մօտ ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելը որպէս ապերախտութիւն կ'որակուի, մանաւանդ եթէ քննադատողն ու քննադատուողը այսպէս կամ այնպէս աղերս ունենան իրար հետ. այս հարցին մասին առաջին անգամ սկսած եմ մտածել, երբ լիբանանահայ գրող Պօղոս Սնապեան սկսած է քննադատել իր իսկ ուսուցիչը եւ յանդգնութիւնը ունեցած է իր երիտասարդ տարիքին գրելու «Բանագող մը՝ Եղիվարդ» խորագրեալ լայնածաւալ յօդուած մը:

ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՏ ԸԼԼԱԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աղօթքը կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ է։ Արդարեւ, աղօթքի հիմքը Քրիստոսի հետ եղած միութիւնն է։ Աղօթքով կատարուած մեծ գործեր՝ Քրիստոսի հետ եղած կենսական եւ հոգեւոր միութեան արդիւնքն են։

Էջեր