ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ քրիստոնէական նուիրապետութիւնը աստիճանաբար զարգացաւ։ Մինչեւ Գ. դարու սկիզբները միմիայն երեք աստիճան կարելի է տեսնել. «եպիսկոպոսութիւն», «երիցութիւն» եւ «սարկաւագութիւն». իսկ Գ. դարուն արդէն որոշակի յիշատակուած կը տեսնուի նուիրապետութեան (hiérarchie) միւս խոնարհագոյն աստիճաններն եւս, այն է՝ «կիսասարկաւագութիւն», «ջահընկալութիւն», «երդմնեցուցիչ», «ընթերցող» եւ «դռնպահ»՝ իւրաքանչիւրը իր որոշ պաշտօնավարութեամբ։