ՆԱՄԱԿ ԱՊԱԳԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրելի ապագայ ընթերցող, որոշեցի նամականի մը պատրաստել եւ յարմար գտայ առաջին նամակը քեզի գրել:
Մենք անծանօթներ ենք. անծանօթներ խառնուածքով, բարքով, սովորութիւններով, կենցաղով ու ապրելակերպով, սակայն մեծ հաւանականութեամբ օր մը ուզես տեղեկութիւն ունենալ մեր ժամանակահատուածին մասին. այդ ժամանակ աշխարհի երեսին հայկական մամուլ մնացա՞ծ կ՚ըլլայ թէ ոչ, հայերէն խօսող կարդացող կը գտնուի թէ ո՛չ՝ չեմ գիտեր, սակայն այդ յոյսով է, որ կը գրեմ այսօր: