ԴՐԱԽՏԷՆ ՏԱՐՏԱՐՈՍ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր, երբ ամէն տեղ կը բարձրաձայնուի հայերէն լեզուի կարեւորութեան ու ահազանգող նահանջին մասին, երբ հասակ առնող հայ երիտասարդներ անփոյթ քայլերով կը հեռանան մայրենիէն եւ անհաղորդ կը դառնան հայ կեանքին, մշակոյթին ու բարքերուն, երբ սփիւռքի մէջ եկեղեցական, կազմակերպչական ու ընկերային կեանքը կը հայաթափուի եւ ուծացման ուղին կը բռնեն, պատմութիւնը կու գայ գիտակցութեան հրաւիրելու իւրաքանչիւրս իրաւազրկուած մայրենիին հանդէպ: