Հոգե-մտաւոր

ՏԱՐԱԿՈՅՍ ԵՒ ՎԱՐԱՆՈՒՄ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, ստոյգ բան չկայ, քանի որ բնութիւնը ճանչնալ, բնութեան բոլոր գաղտնիքներուն տիրանալ կարելի չէ սահմանափակ միտքերու համար։ Բնութեան գիտութիւնը անսահման է՝ լայնատարած հորիզոն մը՝ որուն ո՛չ միայն հասնիլ, այլ մօտենալ իսկ կարելի չէ։

ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բարոյական Օրէնք»ը աստուածային Իմաստութեան գործը եւ արդի՛ւնքն է։ Ուստի, իւրաքանչիւր անհատի սրտին մէջ Աստուծոյ կողմէ դրոշմուած է «բարոյական-բնական օրէնք»ը՝ որ մասնակցութիւնն է Իր իմաստութեան եւ բարութեան։

Ս. ՀՈԳԻԻՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը եւ զօրութիւնը բոլորովին կը փոխէ եւ կը վերանորոգէ մարդը։ Արդարեւ, Ս. Հոգիին զօրութեամբ, «հին մարդ»ը կ՚ըլլայ «նոր մա՛րդ», եւ նոր շունչով, նոր հոգիով կը շարունակէ ապրիլ։

ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԵՒ ՎՍՏԱՀԻԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կան մար­դիկ, որ կը կար­ծեն, թէ պար­տա­ւոր են փոր­ձի են­թար­կուիլ՝ եւ ա­պա­ցու­ցա­նել Աս­տու­ծոյ, թէ բա­րե­փո­խուած են՝ Ա­նոր օրհ­նու­թիւ­նը կա­րե­նալ հայ­ցե­լէ ա­ռաջ։
Բայց ա­նոնք, որ այդ­պէս կը խոր­հին եւ կը յե­տաձ­գեն ի­րենց մտեր­մու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ հետ, նոյ­նիսկ հի­մա՛, սա պա­հուս կա­րող են մօ­տե­նալ, մտեր­մա­նալ եւ հայ­ցել Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՐԶԵԼ ԱՄԷՆ ԻՆՉ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուծոյ եւ մարդու յարաբերութիւնը, քանի որ «հօր եւ որդիի մտերիմ յարաբերութիւն» մըն է, ապա ուրեմն մարդ, Աստուծոյ առջեւ պարզելու է իր ամբողջ պիտոյքները, կարօտութիւնները, ինչպէս նաեւ ուրախութիւնները, տխրութիւնները, նեղութիւնները, հնհնուքները՝ մտատանջութիւնները եւ վա՛խերը։ Ասիկա բնական է, որովհետեւ հօր մը իր որդիին եւ փոխադարձաբար՝ զաւկի մը իր հօր հետ ունեցած յարաբերութիւնը անկե՛ղծ է՝ մտերիմ է եւ սիրոյ վրայ հաստատուած է։ Եւ ծածուկ որեւէ բան պէտք չէ՛ գտնուի հօր եւ զաւկի յարաբերութեանը մէջ։

ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մկրտութիւն» կը նշանակէ՝ սկզբնական մեղքը ջնջելու համար սահմանուած եկեղեցւոյ խորհուրդ։ Այս բառը ունի նաեւ, լուացում, լուսաւորութիւն եւ մարտիրոսութիւն։ Մկրտութիւնը, այս իմաստով, հոգեւոր «վերածնունդ»ի խորհուրդ մըն է։

ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հաւատքը, իր ամենաամփոփ բացատրութեամբ կը նշանակէ վստահութի՛ւն ունենալ, ապաւէն ցոյց տալ։ Հաւատքը, այս իմաստով, Աստուծոյ ինքզինք մարդուս յայտնութեան՝ մարդուն պատասխա՛նն է։ Աստուած երբ կը յայտնէ ինքզինք մարդուն, եւ կ՚ըսէ. «Ես եմ», մարդն ալ կը պատասխանէ. «Այո՛, Դուն ես», ահաւասիկ այս կարճ բայց իմաստալից երկխօսութիւնը «հաւա՛տք» է, հաւատքի արտայայտութի՛ւնն է։

ԱՍՏՈՒԱԾՃԱՆԱՉՈՒՄ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ամբողջ բնութիւնը, իր այլազան երեւոյթներով ապացո՛յց մըն է Աստուծոյ էութեան, ան մարդուս զգայարանքներուն կը յայտնէ անդադար Աստուծոյ գործերը։ Զոր օրինակ, արեւածագը, բոյսերուն աճումը, նոյնիսկ մարդուն ֆիզիքական եւ հոգեկան կազմը, եւ տակաւին բազմաթիւ երեւոյթներ ցոյց կու տան Աստուծոյ գոյութիւնը, կը վկայեն Անոր հրաշալիքներուն։

ԱԶԴԱՐԱՐԵԼ ԵՒ ՆԵՐԵԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յանցաւորի մը ներելու հարցը իրապէս խրթին գործ մըն է, թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ ընկերային տեսակէտով։ Մարդ ո՞րքան ներելու պատրաստ կրնայ ըլլալ, ո՞րքան հանդուրժողութիւն կրնայ ցոյց տալ իրեն դէմ գործուած հանրութիւնը շահագրգռող եւ կամ ուղղակի եւ միա՛յն զինք վիրաւորող յանցանքի մը։ Մանաւանդ երբ արժանապատուութիւն վիրաւորող յանցանք մը գործուած է, ասիկա ո՛րքան դժուար է ներել բնական պայմաններուն տակ։

Էջեր